2014-02-23 12:06:59

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` ''Մկրտութեամբ բոլորս միեւնոյն արժանաւորութիւնը ունինք. Եւ ով որ ''առաջնորդի'' պաշտօն մը ունի՝ ծառայելու է եղբայրներուն''։


Յաւարտ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ, նոր նշանակուած կարտինալներուն հետ գլխաւորած սուրբ պատարագի արարողութեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ, Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց, քաղուած` Սուրբ Պօղոսի կորընթացիներուն ուղղուած նամակէն ուր առաքեալը կ՛ըսէ ''Ամէն ինչ ձերն է, բայց դուք Քրիստոսի էք եւ Քրիստոս` Աստուծոյ''։ Այս խօսքերով Սուրբ Պօղոս կ՛ուզէ հաստատել թէ ժողովուրդը առաքեալներուն չի պատկանիր այլ Աստուծոյ։ Այս պատկանելիութենէն յառաջ կու գայ այն իրողութիւնը որ քրիստոնեայ հասրակութիւններուն մէջ տարբերութիւնները չեն հակասեր զիրար, որովհետեւ մկրտութեամբ իւրաքանչիւր անձ ունի նոյն արժանաւորութիւնը եւ բոլորս, Յիսուս Քրիստոսի մէջ, Աստուծոյ զաւակներ ենք – ըսաւ Քահանայապետը ու ապա հաստատեց թէ ''անոնք որ ''առաջնորդութեան''պաշտօն մը ստանձնած ենք յատուկ իշխանութեան սեփականութիւնը չ՛ունին, այլ հարկաւոր է որ անոնք իրենք զիրենք դնեն հասարակութեան ծառայութեան ի սպաս, օգնելով զայն ուրախութեամբ ընթանալու դէպի սրբութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապը աապ ակնարկեց նոր նշնակաուած կարտինալներուն եւ այս առընչութեամբ այս օրերուն տեղի ունեցած արարողութիւններուն խնդրելով ներկաներէն նեցուկ կանգնիլ անոնց աղօթքով, որպէսզի կարենան եռանդով առաջնորդել իրենց յանձնուած հօտը, բոլորին ցոյց տալով Տիրոջ գթութիւնն ու սէրը։
Ամէնքս կանչուած ենք վկայելու Քրիստոսի հաւատարիմ Եկեղեցի մը, որ խրախուսուած է եղբայրները ծառայելու ցանկութեամբ ու պատրաստ մարգարէական քաջութեամբ ընթառաջելու ժամանակակից մարդոց հոգեւոր պահանջներուն։
Թող Տիրամայրը թիկունք կանգնի մեզի ու մեզ պահպանէ այս ուղեւորութեան ընթացքին եզրափակեց Սրբազան Հայրը ու ապա արտսանելէ ետք Մարեմեան աղօթքը, յատուկ ողջոյն մը ուղղեց ներկաներուն ու անոնցմէ հրաժեշտ առաւ Բարի Կիրակի մաղթելով բոլորին։








All the contents on this site are copyrighted ©.